Les petites Arménies d’Europe et de Méditerranée
Page imprimé de : http://www.armeniens.culture.fr/article147.html
Կարօտ՝ Երազային Հայաստանի
Արարատ Լեռը իբրեւ փարոս
«Նոյան ճամբան, ձեր ճամբան» Սի.Էն.Էն. 2007-ի Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան ծանուցումը ցոյց կու տայ Աւետարանի երեւակայական հզօր կապը Արարատի երկրին հետ: Համաձայն շատ մը մեկնաբաններու Եդեմի Ոստանը կը համարուի Արարատի երկիրը ինչպէս նաեւ հետախոյզերը կը հաստատեն Նոյան Տապանի կայքը՝ Արարատ լերան վրայ:
Արարատ լեռը՝ խորհրդանիշը երկրի ծագումին, հոլովուած է զանազան ձեւերու տակ, երգուած, գծագրուած, իւղաներկուած, ասեղնագործուած, նշանակներու վրայ տպուած, վերածուած զինանշանի, լաւագոյն կոնիակի մակնիշի, ազգային ոտնագնդակի խումբին անունի, կուռքի վերածուած, Արարատը մնայուն ներկայութիւն է Երեւանի հորիզոնին վրայ: Սուրբ լեռը կը թափանցէ ազգային ինքնութենէն ներս, մանաւանդ որ ան մնացած է թրքական մասին մէջ, ան կը ներկայանայ ազգային ինքնագիտակցութեան մէջ, որպէս կորսուած դրախտի մարմնաւորումը: